2014-05-30 11:21:51

Մանուկներու Շոգեկառքը, ''Լոյսի յայտնաբերողներ''` Ֆրանչիսկոս Պապը կը հանդիպի 500 թշուառ մանուկներուն։


Շաբաթ, 31 մայիսի, կէսօրին, Վատիկանի Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ, հարիւրաւոր մանուկներ հանդիպում կ՝ունենան Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին հետ։
Ձեռնարկը, որուն բնաբանն է ''Լոյսի յայտնաբերողներ'', կազմակերպուած է` երկրորդ անգամուայ համար, Քահանայապետական մշակոյթի խորհուդի կողմէ համագործակցութեամբ` Իտալիոյ շոգեկառքի ազգային ընկերութեան։

Ձեռնարկին կը մասնակցին Իտալիոյ՝ Նափոլի եւ Հռոմ քաղաքներէն վեց դպրոցներ, 9 -10 տարեկան ունեցող թշուառ մանուկներ, որոնք Վատիկան կը ժամանեն իրենց տրամադրուած յատուկ շոգեկառքով մը ու առիթ կ՛ունենան այցելելու Սուրբ Պետրոսի պազիլիքան ու ապա հանդիպելու Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին։
Քահանայապետական մշակոյթի խորհուդը` ''Ոչ հաւատացեալներու գաւիթ'' ծրագիրի ծիրէն ներս, մշկութային յատուկ ձեռնարկներ կը կազմակերպէ նաեւ անչափահաս, թշուառ կացութեան մէջ ապրող ու անտեսուած մանուկներուն ի նպաստ, ընկերութեան այս դիւրաբեկ անձերուն եւս հնարաւորութիւն ընծայելու` աճելու արժանաւորութեամբ ու դուրս գալու թշուառութենէն եւ նուաստացուցիչ ապրելակերպէն ։







All the contents on this site are copyrighted ©.